Բանավէճ` Թուրքիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

12 Mayıs 2016  

Բանավէճ` Թուրքիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ -

Բանավէճ` Թուրքիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Բանավէճ` Թուրքիոյ Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ

Այս օրերուն լուռ բանավէճ մը ծայր առած է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ` ահաբեկչութեան եւ սուրիացի գաղթականներու հարցերուն առնչութեամբ:

Արդարեւ, անցնող օրերուն Եւրոպական Միութիւնը իր անդամ երկիրներուն թելադրած էր սկզբունքով արտօնել թուրքերու առանց այցեգիրի Եւրոպա մուտքը` փոխադարձաբար Թուրքիայէն պահանջելով ընդառաջել բարեկարգումի կարօտ 72 կէտերու սրբագրութիւնը, որոնց կարգին` ահաբեկչութեան դիմակալման գծով Թուրքիոյ որդեգրած բիրտ քաղաքականութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը նախանցեալ օր առկախեց այս գծով Թուրքիոյ հետ նախատեսուող հանդիպում մը, սպասելով Թուրքիոյ պատասխանին:

Թուրք վարիչներ սակայն բուռն կերպով կը մերժեն նման առաջարկ: Արդարեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանի տեղեկատուական սպասարկութեան պատասխանատուներէն` Ամրուլլահ Ասրա երէկ «Պի.Պի.Սի.» կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ Թուրքիոյ այս կեցուածքը «հիմնաւորեց» երեք պատճառներով` նշելով, որ «Թուրքիա ներկայիս թիրախ դարձած է ահաբեկչական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), ՏԱՀԵՇ-ի եւ երկրի ձախակողմեան կազմակերպութեանց կողմէ»: Ան նոյնպէս արդարացուց իր երկրին կեցուածքը խորհրդարանի կարգ մը երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան կարգավիճակի վերացման գծով: Ամրուլլահ Ասրա ի նպաստ ՔԱԿ-ի կողմնորոշուող որակեց ՄԱԿ-ի պատկան պատասխանատուն:

Նման կեցուածքով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պուզկըր` «անկարելի» նկատելով Թուրքիոյ կողմէ նշեալ 72 կէտերու բաեփոխման քայլ մը: Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դիմակալման գծով իր երկրին որդեգրած ու կիրարկած քաղաքականութիւնը «լաւագոյնս կը համընկնի» Եւրոպական Միութեան առնչակից չափանիշներուն:

Նշենք, որ վերջին ամիսներուն զինեալ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ , թրքական ապահովական ուժերուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ: Թուրքիա բազմաթիւ քննադատութեանց կ՛ենթարկուի ահաբեկչութեան դիմակալման պատճառաբանութեամբ իր կիրարկած բիրտ ու անմարդկային պատժամիջոցներուն համար: Այս գծով ՄԱԿ-ի պատկան պատասխանատուն իրեն հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ Թուրքիայէն պահանջած էր արտօնել ՄԱԿ-ի պատկան քննիչներուն հետաքննութիւն բանալու այս գծով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+