12 Mayıs 2016
Թուրքիա երեք հազար ահաբեկիչ սպաննեց Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ իր սահմաններու տարածքին կռուող այսպէս կոչուած ՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ զինուորական բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ ժողովի մը ընթացքին: Ան «արհամարհելի» որակեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Թուրքիա կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ի: «Ոչ մէկ երկիր Թուրքիոյ նման եւ անոր չափ ճիգ չտարաւ այս գծով» ընդգծեց Էրտողան:
Նշենք, որ նոյն հարցին առնչութեամբ իր արտասանած խօսքին մէջ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետը յայտարարեց, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանային գօտիին վրայ սպաննուածներու թիւը հասած է 1300-ի:
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանը, որ կը հաղորդէ լուրը, աւելցուց, թէ այս հարցին անդրադարձող թղթակիցը չէ կրցած Էրտողանի օգնականներէն ստուգել նշեալ երկու թիւերու միջեւ տարբերութիւնը:
Միւս կողմէ, Թուրքիա յաւելեալ օժանդակութիւն պահանջեց Արեւմուտքի երկիրներէն` «կարենալ դիմադրելու համար ահաբեկչական խմբաւորումներուն»: