08 Mayıs 2016
Արմէնփրես վկայակոչելով օտար լրատուամիջոցներ, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարած է, որ յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հաւանականութիւնը քիչ է:
Ատկէ առաջ Քամերոն ոչ լաւատեսական վերաբերմունք արտայայտած էր եւրոպական երկիրներ Թուրքիոյ քաղաքացիներու առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութեան մասին:
Ան յայտարարած է, որ եթէ նոյնիսկ Պրիւքսէլը համաձայնի ատոր, ապա Լոնտոն պիտի չաջակցի այդ քայլին: Քամերոն նշած է, որ Բրիտանիան Թուրքիոյ իր տարածքը առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութեան կարելիութիւն պիտի չառաջարկէ:
4 մայիսին Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու տարածք կարճաժամկէտ այցելութիւններու համար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն առաջարկած է: