Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Թուրքիոյ Վարչապետի Պաշտօնէն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

08 Mayıs 2016  

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Թուրքիոյ Վարչապետի Պաշտօնէն -

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Թուրքիոյ Վարչապետի Պաշտօնէն Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Թուրքիոյ Վարչապետի Պաշտօնէն

Թուրքիոյ վարչապետ եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ իշխող կուսակցութեան խորհուրդի ժողովէն ետք յայտարարեց, որ կուսակցութեան 22 մայիսին նախատեսուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին կուսակցութեան ղեկավարութեան իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, պիտի հեռանայ վարչապետի պաշտօնէն եւ իր քաղաքական գործունէութիւնը պիտի շարունակէ միայն իբրեւ Քոնիայէն ընտրուած երեսփոխան:

Նախքան այդ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ կուսակցութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի գումարէ արտակարգ ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան ներկայ ղեկավար Ահմեթ Տաւութօղլու կուսակցութեան ղեկավարութեան իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:

Թրքական մամուլը այդ զարգացումը կը կապէ վերջին շրջանին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու պատճառով ծագած լարուածութեան:

Էրտողան-Տաւութօղլու ճգնաժամը գագաթնակէտին հասած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Միջին Արեւելքի առնչուած խնդիրներու, սուրիացի տեղահանուածներու շուրջ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութեան շուրջ տարակարծութիւններու պատճառով: Բացի ատկէ, Էրտողանի կամայական որոշումով կառավարութեան անդամները նշանակելու սահմանադրական լիազօրութիւնը վարչապետէն խլուած եւ փոխանցուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարչական խորհուրդին, ինչ որ կը նշանակէ, որ Էրտողան Տաւութօղլուէն խլած է այդ լիազօրութիւնը եւս:

Աւելի ուշ, «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 մայիսին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+