18 Nisan 2016
Ապրիլ 16-ին Չեխիոյ մայրաքաղաքի կեդրոնական` Հին քաղաքի հրապարակին վրայ հարիւրաւոր չեխահայէր բողոքի երթ իրականացուցած են Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն դէմ:
Ցուցարարները հանդէս եկած են «ԵԱՀԿ, դադրեցուր Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները», «Մինսկի խումբ` դուն պարտաւոր ես կանգնեցնելու Ալիեւի յարձակումը», «Ռուսիա եւ Իսրայէլ` դադրեցուցէք սպառազինութեան վաճառքը Ատրպէյճանին», «Պաշտպանեցէք մեր` կեանքի եւ ինքնորոշման իրաւունքները», «Ատրպէյճան` ձեռքերդ հեռու Արցախէն», «#NKpeace, #KarabakhNow եւ այլ կարգախօսներու տակ: Հնչած են հայրենասիրական երգեր եւ տեղեկատուական թռուցիկներ բաժնուած Պրահայի երկու հազարէ աւելի բնակիչներու եւ այցելուներու, կը հաղորդէ Չեխիոյ «Օրեր» կայքը:
Պրահայի քաղաքապետարանին կողմէ արտօնուած չեխահայերու խաղաղ ցոյցը անցած է առանց միջադէպերու:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Չեխիոյ հայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները դիմած են երկրի իշխանութիւններուն` Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները դատապարտելու պահանջով:
Բողոքի ցոյցը կայացած է Չեխիոյ հայ համայնքի «Ապրիլ 24 ‘ոմիտէ»-ի նախաձեռնութեամբ (ուր ներկայացուած է ՀՀ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը, չեխահայ գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու ղեկավարները եւ հոգեւոր հովիւը): Իրենց ասնակացութիւն բերած են նաեւ «Արմպրահա» ուսանողական/երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները: Ցոյցին մասնակցած է 200-250 հոգի: Կ՛ակնկալուէր, որ մասնակցութիւնը աւելի բարձր կ՛ըլլայ, բայց խանգարած է յորդառատ անձրեւը` կազմակերպիչները նոյնիսկ ստիպուած եղած են կէս ժամով յետաձգել ցոյցը: