16 Nisan 2016
Ուրբաթ, 15 Ապրիլի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղ շրջանի խաղաղ բնակչութիւնը, որուն հետեւանքով փուլ եկան շէնքի մը երկու յարկերն ու զոհուեցաւ 4 անդամներէ բաղկացած տեղացի ընտանիք մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 14-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաշ էին Հալէպի զանազան շրջաններ՝ Թելեֆոն Հաուաի, Վիլլաներ, Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Սէյրաֆի՝ Գափրին մայթը, ալ-Ճապրիյէ, Մէյսելուն, Սիւլէյման ալ-Հալապի, Շէյխ Մաղսուտ, Արղուպ եւ այլ թաղամասեր: Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուած էին զոհեր եւ վիրաւորներ: