16 Nisan 2016
Երէկ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը դատապարտեց Սուրիոյ, Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Եմենի մէջ Հըզպալլայի «ահաբեկչական արարքները», ինչպէս նաեւ «շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութիւնները»` նշելով, որ Իրանի յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան բարի դրացնութեան սկզբունքին վրայ: Խորհրդաժողովը նաեւ որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ազրպէյճանամէտ որոշում մը:
Լիբանան վերապահութիւն արտայայտեց Հըզպալլայի վերաբերող որոշումին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի, Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ իսլամ փոքրամասնութիւններու եւ Քոսովոյի հարցերուն վերաբերող որոշումներուն նկատմամբ:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ներկայ չգտնուեցաւ վեհաժողովի փակման նիստին` իբրեւ բողոք Իրանի դէմ որդեգրուած որոշումներուն: