14 Nisan 2016
Այսօր, 14 Aպրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը Հալէպի մէջ, հրթիռակոծեցին քաղաքի զանազան շրջաններ, կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ Հալէպի զանազան շրջաններ՝ Թելեֆոն Հաուաի, Վիլլաներ, Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Սէյրաֆի՝ Գափրին մայթը, ալ-Ճապրիյէ, Մէյսելուն, Սիւլէյման ալ-Հալապի, Շէյխ Մաղսուտ, Արղուպ եւ այլ թաղամասեր:
Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։
Արդարեւ, Հալէպի մէջ ռումբերու ու հրթիռներու պայթիւնները, աւերածութիւնները, տակաւին կը շարունակուին աննկարագրելի ձեւով:
Պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն, խանութներուն եւ հրդեհի մը բռնկման: Տակաւին չենք նշեր անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներու մասին: