14 Nisan 2016
Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամը կը շարունակէ իրաւական պայքարը իրեն պատկանող եւ նախապէսկ պետութեան կողմէ բռնագրաւուած 48.259քմ մակերեսով տարածքի վերադարձման համար:
Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Զէյթինպուրնուի թաղապետարանը գործնականօրէն տարածքը վերադարձնելէ կը հրաժարի հայկական կողմին, թէեւ անիկա Սուրբ Փրկիչ հիմնադրամին յատկացուած է դեռ 2014-ի Հոկտեմբեր 22-ին` Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան որոշումով:
Նշեալ որոշումէն ետք թաղապետարանը դատական գործ յարուցանած է Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան դէմ, սակայն Սթամպուլի վարչական դատարանը 2014-ի Դեկտեմբեր 29-ին հաստատած է անշարժ գոյքի` հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամին վերադարձնելու որոշման օրինականութիւնը:
Զէյթինպուրնուի թաղապետարանը բողոքարկած է այս վճիռը վերաքննիչ դատարանին մէջ, որմէ ետք շատ կարճ ժամանակի մէջ տեղական դատարանի որոշումը չեղարկուած է: Սուրբ Փրկիչ հիմնադրամը եւ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը, ընդդիմանալով վերաքննիչ դատարանի այս վճիռին, դիմած են վերին ատեան` պահանջելով շտկել կայացուած վճիռը:
Նշենք, որ Սթամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հարեւանութեամբ գտնուող նշեալ հողատարածքը պետականացուած էր 1974-ին` փաստաթուղթերու համաձայն սեփկանատէր չունենալուն պատրուակով: Ատիկա հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ պետութեան կողմէ առգարւուած ամենախոշոր հայկական անշարժ գոյքն է: Այդ տարածքին մէջ այժմ կը գտնուին Զէյթինպուրնուի մարզադաշտը, քաղաքապետարանին պատկանող փակ մարզասրահ ու կայանատեղ: