14 Nisan 2016
Թուրքիոյ Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը կը պատրաստուի դատական հայց ներկայացնելու` չեղեալ համարելու եկեղեցին պետականացնելու որոշումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականը, Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումով Սուրի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր շինութիւնները, որոնց շարքին հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, իբրեւ թէ պահպանութեան նպատակով պետականացուած էին: Հայ համայնքին պատկանող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը կ՛ուսումնասիրէ պետականացման որոշումը եւ կը պատրաստուի սահմանուած ժամկէտի մէջ դիմելու դատարան նախարարներու խորհուրդի որոշումը չեղեալ համարելու համար:
Սուրի շրջանին մէջ գտնուող ասորական եւ բողոքական եկեղեցիներու փաստաբանները արդէն դիմած են դատարան` պնդելով, որ եկեղեցիները հիմնադրամներու սեփականութիւն եւ պէտք չէ պետականացուէին:
Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկուն` Սուրբ Կիրակոսի վերաբացումն ու օծումը տեղի ունեցած էր 2011-ի Հոկտեմբեր 22-ին, իսկ առաջին պատարագը մէկ օր անց` Հոկտեմբեր 23-ին:
Սուրբ Կիրակոսի վերանորոգումը իրականացուած է Տիարպեքիրցի հայերու եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:
Սուրբ Կիրակոսը վերաբացուած է որպէս գործող եկեղեցի: