14 Nisan 2016
Սուրիայէն արձակուած հրթիռներ ինկած են Թուրքիոյ մէջ. կան վիրաւորներ:
Սուրիոյ տարածքէն արձակուած երեք հրթիռներ պայթած են թրքական Քիլիս քաղաքին մէջ, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած է 12 մարդ:
Ըստ «Անատոլու»-ի, հրթիռներէն մէկը ինկած է տան մը վրայ, վնասուած են տուներ եւ ինքնաշարժներ: Վիրաւորները տեղափոխուած են հիւանդանոց:
Քիլիսի քաղաքապետ Սուլէյման Թափսըզ յայտնած է, որ թրքական բանակը կրակ բացած է այն վայրերուն դէմ, ուրկէ արձակուած են հրթիռները: