14 Nisan 2016
Չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2016-ը պատմական օր եղաւ արցախահայութեան համար` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեամբ:
Երկու վեհափառ հայրապետները, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 12:00-ին, ուղղաթիռով հասան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ուր դիմաւորուեցան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին, հոգեւորականաց դասուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Արցախի մեր ժողովուրդին այս ճգնաժամային օրերուն, երկու վեհափառ հայրապետներուն Ղարաբաղ այցելութիւնը նպատակ ունի զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, հայոց արի բանակին եւ Արցախի հերոս ժողովուրդին:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երէկ յետմիջօրէին հասան Գանձասարի պատմական վանքը` ուղեկցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի: Երկու հայրապետները «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեցին Ս. Յովհաննէս տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք:
Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետներուն: Ապա, Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետը ընթերցեց հայրապետական պատգամը. «Եկած ենք աղօթելու մեր զինուորներու անվտանգ ու ապահով ծառայութեան համար: Եկած ենք զօրակցութիւն բերելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, ամբողջ արցախահայ մեր ժողովուրդին` Արցախի խաղաղ, լուսաւոր կեանքը կերտելու իրենց ջանքերուն համար: Եկած ենք` գօտեպնդելու Արցախի մեր ժողովուրդը, գօտեպնդելով` նաեւ գօտեպնդուելու արցախահայութեան անկոտրում կամքով եւ քաջարի ոգիով մեր զինուորները: Փա՛ռք քեզ արցախահայութիւն, փա՛ռք քեզ հայոց բանակ: Հպարտ ենք ձեզմով, ձեր սխրանքներով, ձեր խիզախ պահուածքով»:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, այս առիթով հաւաքուած Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ զինուորականներուն ներկայութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մեր ժողովուրդին եւ հայոց բանակին: Իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց ամբողջ հայ ժողովուրդին մէկտեղելու իր ուժերը` ի պաշտպանութիւն Արցախի մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ ըսաւ. «Առաջին անգամն է, որ Արցախ կ’այցելեմ, սակայն Արցախը միշտ եղած է ու կը մնայ սրտիս եւ հոգիիս մէջ: Մենք եղած ենք խաղաղասէր ժողովուրդ եւ երբեք ուրիշին իրաւունքը չենք փորձած խլել, սակայն չենք արտօնած միաժամանակ, որ մեր թշնամիները մեր արդար իրաւունքները ոտնահարեն: Թշնամին պէտք է լաւ իմանայ, որ Արցախի մեր ժողովուրդը առանձին չէ, այլ ունի ամբողջ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը: Պատմութիւնը մեզ սորվեցուցած է, որ ճակատագրական պահերուն միասնական ուժը մեր մեծագոյն զէնքն է, հետեւաբար այսօր եւս ամբողջ հայ ժողովուրդը միասնական այս ուժը պիտի օգտագործէ` զօրակցելու Արցախի մեր ժողովուրդին եւ պաշտպանելու մեր նահատակներու արիւնով սրբագործուած հողը»:
Երկու վեհափառ հայրապետները այցելեցին Գանձասար վանքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանն ու «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը: Ապա, վանքի շրջափակին մէջ ունկնդրեցին «Վանք» գիւղի դպրոցի աշակերտներուն եւ զինուորներուն կողմէ կատարուած հայրենասիրական երգերն ու ասմունքները, եւ օրհնելով զիրենք խաչիկներ բաշխեցին:
Երկու վեհափառ հայրապետները Գանձասարի վանքէն ուղղուեցան Ստեփանակերտի Զինուորական հիւանդանոցը եւ այցելեցին ու օրհնեցին հայրենի հողի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուած հայոց բանակի մեր քաջարի զինուորները:
Երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ընկերակցութեամբ երկու վեհափառ հայրապետները շրջագայեցան Ստեփանակերտ քաղաքի կեդրոնական մասը եւ իրազեկ դարձան քաղաքի զարգացումներուն ու ապագայ ծրագիրներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետները առանձին հանդիպում մը ունեցան Ղարաբաղի նախագահին հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նախագահը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցէ վեհափառ հայրապետներուն Ղարաբաղի վերջին անցուդարձերուն հետ առնչուած դէպքերուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին: Աւելի ուշ, ի պատիւ վեհափառ հայրապետներուն Ղարաբաղի նախագահը ընթրիք մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահը, վարչապետը, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ հայոց բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներ: