09 Nisan 2016
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»ին յայտնած են, որ Սպանիոյ Թագաւորութեան երկու քաղաքներ` Փուենթէ Խենիլ եւ Ռոտա տէ Անտալուսիա քաղաքները 5 Ապրիլին պաշտօնա պէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երկու քաղաքներուն մէջ համապատասխան բանաձեւերը որդեգրուած են քաղաքային խորհուրդին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ միաձայնութեամբ:
Համապատասխան որոշումներու որդեգրման յաջորդած ելոյթներուն մէջ, Փուենթէ Խենիլի եւ Լա Ռոտա տէ Անտալուսիայի քաղաքապետերը շեշտած են այդ որոշումներու կանխարգելիչ բնոյթը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն անժամկէտ ըլլալու հանգամանքը եւ անոնց քաղաքական գնահատական տալու անհրաժեշտութիւնը: