09 Nisan 2016
Մայատին կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները Քարիաթէյն քաղաքը ազատագրած են ՏԱՀԵՇ-էն: Սակրաւորները կ՛ականազերծեն քաղաքի ծայրամասերուն մօտ գտնուող ուղիները:
Հոմս, Փալմիր եւ Դամասկոս տանող ճամբաներու քառուղիին վրայ գտնուող այս ռազմավարական բնակավայրին գրաւումը սկսած է երեքշաբթի օր: Քրիստոնեաներով բնակուած Քարիաթէյնը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած էր 4 օգոստոս 2015-ին: Բնակիչներու մեծ մասը ապաստանած է Հոմս:
ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ շարժիլ Փալմիրէն դէպի Եփրատ եւ Իրաքի սահման: