09 Nisan 2016
ՌԻԱ Նովոսթի վկայակոչելով Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ նախարարները հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը շրջանային տագնապները միջազգային իրաւունքի արժէչափերու հիման վրայ լուծելու նկատմամբ:
«Արտաքին գործոց նախարարները հաստատած են, որ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ու միջազգային իրաւունքի ընդունուած սկզբունքներուն: Այս ծիրին մէջ անոնք հաստատած են իրենց մտադրութիւնը շրջանային տագնապներուն լուծումը ապահովելու հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: