Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպո - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

03 Nisan 2016  

Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպո -

Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպո Հակառակ Նախապէս Այդպիսի Հանդիպումի Մը Կարելիութեան Բացառման. Էրտողան-Օպամա 50 Վայրկեան Տեւողութեամբ Հանդիպում

Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումը տեւած է շուրջ 50 վայրկեան: Հանդիպումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Սպիտակ տան մէջ պաշտօնական ճաշէն ետք:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Օպամա հինգշաբթի, 31 մարտի հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է Թուրքիոյ անվտանգութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը եւ քննարկած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն ջանքերը:

«Նախագահը ամերիկացի ժողովուրդի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանին` Տիգրանակերտի մէջ այսօրուան ահաբեկչական յարձակումին սպաննուածներուն եւ վիրաւորուածներուն համար, եւ վերահաստատեց Թուրքիոյ անվտանգութեան նկատմամբ եւ ահաբեկչութեան դէմ մեր փոխադարձ պայքարին Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը», նշեց Սպիտակ տունը:

«Երկու ղեկավարները նաեւ քննարկեցին ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու եւ ոչնչացնելու հասարակաց ջանքերու յառաջ մղումին կարելիութիւնները», ըսուած է Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ:

Երէկ Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են գաղթականներու ճգնաժամի լուծման շուրջ գործակցութիւնը եւ թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի գործընկերները ինչպէ՛ս կրնան իրենց ջանքերը ամրապնդել:

Նշենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ Օպամա Էրտողանի հետ երկկողմանի հանդիպում պիտի չունենայ` ժամանակի սղութեան պատճառով:

Հանդիպումէն ժամեր ետք, Էրտողան «Պրուքինկզ» հիմնարկին մէջ դռնփակ ճառ մը օգտագործեց խիստ քննադատութեան ենթարկելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ քիւրտերուն աջակցելու ամերիկեան վարչակազմի քաղաքականութիւնը:

Հիմնարկին մուտքին Էրտողանի թիկնապահերուն եւ լրագրողներու միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը վերածուեցաւ քաոսային վիճակի: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, թրքական ապահովական անձնակազմի անդամներ բռնի հեռացուցած են լրագրող մը եւ ուրիշ մը հարուածած:

Նշենք, որ նախքան Օպամայի հետ իր հանդիպումը, Էրտողան նաեւ հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Թուրք պաշտօնատարները հանդիպումին ընթացքին յուսախաբութիւն յայտնած էին Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան շուրջ երկու կողմերուն տարակարծութեան նկատմամբ:

Աւելի ուշ, Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք մէկէն մէկուկէս տարուան միջեւ կրնան Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներուն համար պէտք եղած ենթակառոյցները կառուցել, «եւ ես շատ վճռակամ ու նախանձախնդիր եմ այդ նպատակի իրագործման հարցով»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա կրնայ այդ շրջաններուն մէջ սուրիացի տեղահանուածներու համար բնակարաններ, դպրոցներ ու գրասենեակներ կառուցել, եւ երբ «ապահովական գօտիին» մէջ անոնք ապահովուին, Թուրքիա գտնուող սուրիացի տեղահանուածները պիտի սկսին վերադառնալ Սուրիա:

Ան նաեւ նշեց, որ ինք այս հարցը քննարկած է Օպամայի հետ` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին գործադրութեան համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կարգ մը շրջաններ ճշդած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+