31 Mart 2016
Եռագոյն կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան դիմած է երկրի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին` Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ շարք մը տարածքներու եւ կառոյցներու պետականացման մանրամասնութիւնները յստակացնելու նպատակով:
Ինը կէտերէ բաղկացած դիմումը Փայլան հրապարակած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: Ան վարչապետին մասնաւորապէս հարցուցած է, թէ ի՞նչ է Սուր գաւառին մէջ ընդհանուր 6300 հողակտորի «անյապաղ պետականացման» որոշումին դրդապատճառը, եւ թէ այդ որոշումին հիմամբ ի՞նչ դասաւորումներ եղած են ու ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Սուրի մէջ բնակող քաղաքացիներուն սեփականութեան իրաւունքները:
Կարօ Փայլան եւ անոր կողմնակիցները իրենց ներկայացուցած դիմումով Տաւութօղլուէն նաեւ պահանջած են յստակացում այն մասին, թէ արդեօք պետականացման որոշումը պիտի ազդէ՞ տեղւոյն քրիստոնէական, ասորական եւ քաղդէական եկեղեցիներուն վրայ: Միաժամանակ, անոնք ուզած են յստակացնել, թէ ո՞ր չափանիշներով եւ օրէնքներով ընտրուած են «վտանգաւոր տարածքները»: Փայլան նաեւ հարցուցած է, թէ արդեօք ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու սեփականութիւնը պետականացնելու որոշումը չի՞ հակասեր օրէնսդրութեան եւ Լոզանի համաձայնագիրին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ հիմնարկներու գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Ատնան Էրտեմ, պատասխանելով պետականացման վերաբերեալ «Ակօս» թերթի հարցումներուն, պնդած է, որ Թուրքիոյ նախարարական խորհուրդի այս որոշումը «ուղղուած չէ պատմական շէնքերուն եւ քաղաքացիական ճարտարապետական կառոյցներու դէմ, այլ նպատակ ունի զանոնք պաշտպանել»: