Թուրքիա Բողոքագիրներ Յղած Է Շարք Մը Եւրոպական Երկիրներու - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Gündem :

31 Mart 2016  

Թուրքիա Բողոքագիրներ Յղած Է Շարք Մը Եւրոպական Երկիրներու -

Թուրքիա Բողոքագիրներ Յղած Է Շարք Մը Եւրոպական Երկիրներու Թուրքիա Բողոքագիրներ Յղած Է Շարք Մը Եւրոպական Երկիրներու

Արմէնփրես յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա բողոքագիրներ յղած է շարք մը եւրոպական երկիրներու, որոնց հիւպատոսները մասնակցած են թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ թերթի Անգարայի գրասենեակի պատասխանատու Էրտեմ Կիւլի դատավարութեան:

Բողոքագիրները ուղարկուած են Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Քանատայի եւ Լեհաստանի:

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած էր իր երկրին մէջ օտար երկիրներու դեսպանները այդ դատավարութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելնուն եւ դատավարութեան հետեւելու նպատակով նոյնիսկ Պոլսոյ արդարադատութեան պալատ երթալնուն համար: Ըստ Տաւութօղլուի, լրագրողներու դատավարութեան նկատմամբ օտար երկիրներու դեսպաններու մեծ հետաքրքրութիւնը կրնայ ճնշում գործել եւ ազդել հետաքննութեան վրայ, ինչ որ, ըստ անոր, «չի համապատասխաներ դիւանագիտական նրբանկատութեան եւ արհեստավարժութեան»:

Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս դիմելով դեսպաններուն ըսած էր. «Դուք ո՞վ էք: Դուք ի՞նչ գործ ունիք այդտեղ: Ասիկա ձեր երկիրը չէ, Թուրքիան է»:

«Տեր Շփիկըլ». «Գերմանիոյ Դեսպանը
Էրտողանի Մասին Ծաղրական Տեսանիւթի Պատճառով
Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն»
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Էրտմանը 22 մարտին նախարարութիւն կանչած է` Էրտողանի մասին ծաղրական բնոյթի տեսանիւթի մը պատճառով:

Դիւանագիտական գայթակղութեան պատճառը «Էքսթրա-3» երգիծական հաղորդումն է, որ նկարահանած է «Էն.Տի.Առ.» պատկերասփիւռի կայանը եւ սփռուած 17 մարտին: Ծրագիրին մաս կազմած է 2 վայրկեաննոց երգը` «Էրտողի, Էրտողօ, Էրտողան» խորագիրով:

Երգին մէջ կը ծաղրուի Թուրքիոյ նախագահին սէրը շքեղութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը քննարկուին յարձակումները խօսքի ազատութեան վրայ:

«Լրագրողը, որ կը գրէ բան մը, որ հաճելի չի գար Էրտողանին, արդէն իսկ վաղը կը յայտնուի ճաղերու ետին», կ՛ըսուի երգին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+