Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

31 Mart 2016  

Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն -

Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 30 մարտին Ժընեւի մէջ մասնակցած է Սուրիայէն գաղթականներու հարցերուն նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ հանդիպումին ներկայ էին շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու նախարարներ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

«Տարիներ շարունակ Սուրիոյ մէջ շարունակուող քայքայիչ պատերազմին իբրեւ հետեւանք հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ ապաստան կը փնտռեն ամբողջ շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Հայաստանը առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ խստօրէն դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի, Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, անոնց շարքին` հայերուն եւ անոնց մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան դէմ բարբարոսութիւնները: Վերոյիշեալ փոքրամասնութիւնները դարեր շարունակ այդ շրջանի բազմամշակութային, բազմազգ խճանկարին մաս կազմած են: Նախորդ տարի այստեղ` Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Հայաստանը այդ գործողութիւնները բնորոշեց իբրեւ «քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ», իր խօսքին մէջ ըսած է նախարար Նալբանդեան:

Խօսելով Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «Այսօր Սուրիայէն շուրջ 20 հազար գաղթականներ ապաստանած են Հայաստան` մեր երկիրը դարձնելով բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ սուրիացի գաղթականներ ընդունած երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ: Ասիկա զգալի թիւ է ընդամէնը 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը համար, որ մօտիկ անցեալին արդէն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ ընդունած է Ազրպէյճանէն: Մենք լաւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ գաղթական ըլլալ եւ ապաստան տալ մեծ թիւով տեղահանուածներու, եւ, անշուշտ, այս քննարկումին կը մասնակցինք համերաշխութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով», շարունակած է նախարարը:

Այնուհետեւ Նալբանդեան հաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր առաւելագոյնը ընել` հոգ տանելու Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիացիներուն. «Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանին օժանդակութեան տրամադրումը` Սուրիայէն հասած գաղթականներուն առաջնահերթ մարդասիրական կարիքները հոգալու եւ մեր երկրին մէջ անոնց համարկման աջակցելու նպատակով: Ատիկա կատարելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը իրականացուցած է համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+