25 Mart 2016
Պոսնիացի սերպ նախկին ղեկավար Ռատովան Քարածիչ Լա Հէյի դատարանին կողմէ 40 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ 1992-1995-ի պոսնիական պատերազմին ընթացքին ցեղասպանութիւն եւ պատերազմական ոճիրներ գործելուն համար:
70-ամեայ Քարածիչի ութամեայ դատը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր պատերազմական ոճիրներու ամէնէն կարեւոր դատերէն մէկն է: Ան մերժեց ամբաստանութիւնները` նշելով, որ ոճիրները գործուած են անկարգ տարրերու կողմէ եւ ոչ թէ իր հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերուն:
Պոսնիոյ սերպ հանրապետութեան ներկայ նախագահ Միլորատ Տոտիչ դատապարտեց վճիռը: