«Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է» Ըսաւ Փութին - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

25 Mart 2016  

«Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է» Ըսաւ Փութին -

«Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է» Ըսաւ Փութին «Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է» Ըսաւ Փութին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուա իր այցելութեան երկրորդ ու վերջին օրուան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վերջինս յոյս յայտնեց, որ Քերրիի այցելութիւնը նպաստէ երկու երկիրներու տեսակէտներու մերձեցման: Ան ըսաւ, որ այն յառաջդիմութիւնը որ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ, շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային էր:

Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ զինադուլի հաստատումին իբրեւ արդիւնք Սուրիոյ մէջ բռնարարքները նահանջ արձանագրեցին: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման շուրջ լուրջ ու դժուար աշխատանքի սկսելու վրայ է:

«Շատեր Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը նկատեցին անկարելի, սակայն շնորհիւ ռուս-ամերիկեան ջանքերուն իրականացաւ», ըսաւ Քերրի:

Նախքան Փութինի հետ հանդիպումը, Քերրի չորս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններն եւ անոնց բոլոր բարդ կէտերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+