25 Mart 2016
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի «Ալ Մոնիթըր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ հոկտեմբեր 2016:
Իրաքի սահմանադրութեան համաձայն, իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանը օժտուած է լայն ինքնավարութեամբ: Պարզանի բացատրած է, որ հիասթափուած է Պաղտատի ներկայ քաղաքականութենէն, որ քիւրտերը կը զրկէ պիւտճէի սեփական մասէն եւ չէ կրցած կատարել շարք մը այլ պարտաւորութիւններ: Ըստ անոր, շրջանին առջեւ զարգացման համար մնացած է երկու տարբերակ` դառնալ Իրաքի սովորական նահանգ կամ դիմել անկախութեան շուրջ հանրաքուէի:
«Ես կրնամ կատարելապէս համոզուած ըսել, որ անկախ մեր կամքէն դուրս եղող հանգամանքներէն, մենք պիտի փորձենք հանրաքուէ կատարել այս տարի, կը կարծեմ` մինչեւ հոկտեմբեր», յայտարարած է Պարզանի:
Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարը նշած է, որ կ՛ուզէ հանրաքուէն կազմակերպել խաղաղ կերպով եւ համաձայնիլ բոլոր շահագրգիռ ուժերուն` Պաղտատի, Անգարայի եւ Թեհրանի հետ: Ատոր կողքին Պարզանի ընդգծած է, որ անկախ Քիւրտիստանի նախագահը պիտի չդառնայ:
«Նպատակս ատոր հասնիլն է` անկախ Քիւրտիստան ստեղծելը: Եւ ես կը խոստանամ, որ այն օրը, երբ Քիւրտիստանը պիտի դառնայ անկախ, ես պիտի դադրիմ նախագահ ըլլալէ: Ես պիտի շնորհաւորեմ ժողովուրդը եւ տեղս փոխանցեմ ուրիշին», յայտարարած է ան:
Իսրայէլի շրջանային համագործակցութեան փոխնախարար Այուպ Քարան քրտական «Ք24» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլ պիտի զօրակցի անկախ քրտական պետութեան ստեղծման: Քնեսեթի անդամ Քարան պնդած է, որ 40 միլիոն բնակչութեամբ շրջանը, «անկասկած, արժանի է այն բանին, որ ունենայ սեփական երկիրը»:
Ընդգծելով փեշմերկաներու պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` Քարան յայտարարած է, որ շրջանին մէջ կրօնական ծայրայեղականութեան ոչնչացումը պէտք է գերակայ ըլլայ բոլորին համար:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն եւս նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը պիտի զօրակցի քրտական անկախութեան, եւ այն համոզումը յայտնած, որ անկախ քրտական պետութեան ստեղծումը պիտի կայունացնէ Միջին Արեւելքը:
Մինչ այդ, Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Աւելեթ Շաքետ նոյնպէս յայտարարած էր անկախ քրտական պետութեան ստեղծումին զօրակցելու մասին` ընդգծելով, որ Իսրայէլ պէտք է ամրապնդէ կապերը քիւրտերուն հետ, որովհետեւ անոնք հին ժողովուրդ են եւ կը ներկայացնեն ժողովրդավարական շրջան մը: