14 Mart 2016
Ռուսիոյ կառավարութիւնն ու բարձրագոյն դատարանը բացասական հակազդեցութիւն տուին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող բանաձեւին:
Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «Ռուարմինֆօ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ այդ նախագիծի համահեղինակ, Ռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Նիքոլայ Լեւիչեւի օգնականը նշած է, որ բանաձեւը ետ ղրկուած է այն պատճառով, որ խախտուած է կառավարութեան ու բարձրագոյն դատարանին կողմէ զայն քննելու ժամկէտը:
Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը Ռուսիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր 25 նոյեմբեր 2015-ին` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական օդանաւի ջախջախումին յաջորդ օրը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1995-ին: