Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

14 Mart 2016  

Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ -

Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ

10 մարտին` ժամը 23:20-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ժամանակին կրցած են հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ հակառակորդին հետախոյզ խումբին յառաջխաղացքը կասեցնել` վերջինիս պատճառելով առնուազն 2 մեռեալ եւ վիրաւորներ: Կանխարգելիչ գործողութեան ընթացքին պաշտպանութեան բանակը կորուստ չէ ունեցած:

10-էն 11 մարտի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, 60 (17 արկ) եւ 82 (47 արկ) միլլիմեթրնոց ականանետերէ, ՌԳՊ-7 (4 արկ) ու ՀԱՆ-17 (4 արկ) տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 5500 կրակոց: Բացի վերոնշեալէն, ազրպէյճանական զինուժը կիրարկած է նաեւ հրանօթներ: Յատկանշական է մանաւանդ այն հանգամանքը, որ հակառակորդը հրանօթներէն անցած գիշեր արդէն հրետակոծութեան ենթարկած է ոչ միայն Ակնայի (Աղտամի) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական ստորաբաժանումներու դիրքերը, այլեւ առաջնային գիծէն բաւական մեծ խորութեամբ գտնուող որոշ տարածքներ, ինչ որ թերեւս, աննախադէպ է մայիս 1994-էն հաստատուած զինադադարի ամբողջ ընթացքին: Նման նախայարձակ գործողութիւններէ կատարուելիք հետեւութիւնը մէկ է` հակառակորդը որդեգրած է տագնապի գօտիին մէջ իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած աւելի սանձարձակ մարտավարութիւն, ինչ որ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար դիմած են նպատակաուղղուած եւ պատժիչ գործողութիւններու: Առաջնային գիծի ամբողջ երկարութեամբ հայկական ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն իրավիճակը», նշուած է այս առիթով նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+