08 Mart 2016
Պրիւքսէլի մէջ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած էին իրենց աւարտին հասնիլ կէսօրին, շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Հաղորդուեցաւ, որ թրքական կողմը եւրոպական կողմին առաջարկած է Թուրքիայէն Յունաստան հասած բոլոր գաղթականները, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները վերընդունիլ` փոխան Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ տրամադրելիք 3 միլիառ տոլարի օժանդակութեան կրկնապատկման եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի արագացման:
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ իրեն հետ բանակցութիւններուն ընթացքին անհամաձայնութիւն յայտնած է լրատուամիջոցներու ազատութեան եւ քիւրտերու հարցերով Եւրոպական Միութեան տեսակէտներուն հետ:
Ըստ անոր, Տաւութօղլուի հետ քննարկուած են բոլոր հաւանական հարցերը` տեղահանուածներու խնդիրը, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, ներառեալ` գաղթականներու հետ պայքարի հարցով գործողութիւններու ծրագիրի կատարումը, գաղթականները վերադարձնելու մասին համաձայնագիրը, մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը ազատականացնելու հարցը, սահմաններու վերահսկողութիւնը, Եգէական ծովուն մէջ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւնները, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սահմանային վերահսկողութիւնը բարելաւելու համար, ինչպէս նաեւ պիւտճէական հարցեր:
«Բացի ատկէ, մենք քննարկած ենք Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը: Արտայայտուած ենք քիւրտերու եւ «Զաման» օրաթերթի ճնշման հարցերուն: Տաւութօղլու համաձայն չգտնուեցաւ լրատուամիջոցներու ազատութեան եւ քիւրտերու հարցին մէջ մեր տեսակէտներուն, ինչ որ զարմանալի չէ: Մենք անոր յայտնած ենք, որ լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցը առանցքային տարր է եւրոպական համարկման հետ: Տաւութօղլուն այդ բոլորը բացատրած է իր տեսանկիւնէն` «Զաման»-ը բռնագրաւելու գծով կատարուածը անուանելով դատարանի որոշումի գործադրում, ինչ որ ամբողջովին անընդունելի է», ըսած է Շուլց:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ թրքական «Զաման» օրաթերթին դէմ ոստիկանութեան յարձակումը եւ թերթին նկատմամբ հսկողութիւն սահմանելու իշխանութիւններու գործողութիւնները քննադատած է նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ:
«Թուրքիոյ այդպիսի վերաբերմունքը անընդունելի է եւ կը հակասէ եւրոպական արժէքներուն: Կարելի չէ եւրոպական չափանիշներուն մօտ ըլլալ ուզել, եւ միեւնոյն ժամանակ, չյարգել լրատուամիջոցներուն բազմակարծութիւնը: Ատիկա ակնյայտ է, եւ մենք յստակօրէն ատիկա հասկցուցած ենք թուրքերուն», ըսած է Էյրօ:
Բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը Թուրքիոյ մէջ տիրող մենատիրութեան նկատմամբ Եւրոպական Միութեան անտարբերութիւնը անուանած է ամօթալի:
«Եւրոպական Միութիւնը ամօթալի կերպով կ՛անտեսէ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներուն ուղղուած յարձակումները եւ մենատիրութեան աճը», կը գրէ թերթը` նշելով, որ ատիկա կը կատարուի տեղահանուածներու ճգնաժամի հարցին մէջ Անգարայի հետ համագործակցելու սպասումներուն պատճառով` միաժամանակ յիշեցնելով, որ «Զաման»-ի դէմ ոստիկանութեան յարձակումը կատարուած է ուրբաթ օր` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի Թուրքիա այցելութեան օրը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հակաժողովրդավարական գործողութիւնները քննադատած է նաեւ բրիտանական «Տը Թայմզ»-ը` Էրտողանը կոչելով «բռնակալ եւ քմահաճ»:
«Մենատէրը Անգարայի մէջ» յօդուածին մէջ թերթը գրած է. «Հակառակ անոր որ Թուրքիան կը հանդիսանայ անկայուն շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի կենսական դաշնակիցը, սակայն, Արեւմուտքը պէտք է բացայայտ կերպով քննադատէ Էրտողանի` հետզհետէ աճող մենատիրական քաղաքականութիւնն ու քմահաճ վարքը»:
Տաւութօղլու. «Եւրոպական Միութեան
Վեհաժողովը Կրնայ Թուրքիոյ Հետ
Յարաբերութիւններուն Համար Շրջադարձային Ըլլալ»
Տաւութօղլու յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովը շրջադարձային ըլլայ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն համար:
Ըստ անոր, ժողովը պիտի կեդրոնանայ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հրատապ ճգնաժամին վրայ` վստահեցնելով, որ Թուրքիան պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու եւ անոր անդամ դառնալու:
Թուրքիոյ վարչապետը յոյս յայտնեց, որ վեհաժողովը «յաջողութեան պատմութիւն մը եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձի կէտ մը ըլլայ»: