05 Mart 2016
Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ Պուլկարիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրաւիրած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն իր ազատագրութեան տօնակատարութեան` նշելով, որ այդ լուրերը շինծու են:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Լիոնիտ Ապրամով 1877 եւ 1878 թուականներուն Պուլկարիան Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն ազատագրելու համար զոհուած ռուսերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ պուլկար ժողովուրդը լաւ գիտէ իր պատմութիւնը եւ զայն կը յիշէ