01 Mart 2016
28 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերու հոգիներուն:
Այս տարի 28-ամեակն էր Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց բնոյթով ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունէին 100 տարի առաջ գործադրուած թուրք ոճրային արարքներէն եւ ցեղասպանութենէն: