Ֆրանսայի Վալանս Քաղաքին Մէջ Սումկայիթեան Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Կարգ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

01 Mart 2016  

Ֆրանսայի Վալանս Քաղաքին Մէջ Սումկայիթեան Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Կարգ -

Ֆրանսայի Վալանս Քաղաքին Մէջ Սումկայիթեան Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Կարգ Ֆրանսայի Վալանս Քաղաքին Մէջ Սումկայիթեան Զոհերու Յիշատակին՝ Հոգեհանգստեան Կարգ

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ, «Ապրիլ 24» յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է սումկայիթեան ողբերգութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանգստեան կարգ: Այս մասին կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie-ն։

«Ապրիլ 24» յանձնաժողովի անդամները՝ իրենց յայտարարութեամբ նշած են, որ այդ քայլով նպատակ ունին մէկ անգամ եւս յիշելու եւ յիշեցնելու 1988 Փետրուար 26-28 Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւններու հարիւրաւոր հայ զոհերուն մասին:

«Սումկայիթի միջոցով Ատրպէյճանը կ՝ուզէր ճնշել Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը, որ արտայայտած էր Հայաստանին միանալու իր կամքը: Հայերու սպանդին միջոցով Պաքուն ցոյց տուաւ իր իրական բնոյթը՝ փորձելով արեամբ զսպել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ազատ ապրելու ցանկութիւնը: Այսօր, Ատրպէյճանը կրկին կը շարունակէ այդ ռասիստական, հակահայկական ատելութեան քաղաքականութիւնը եւ արհամարհելով 1994-ի Մայիսի հրադադարը՝ կը հրետակոծէ սահմանամերձ հայկական գիւղերը»,- նշուած է յանձնաժողովի տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Ապրիլ 24» յանձնաժողովի անդամները խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները եւ վերահաստատած աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ապրելու որոշման վերաբերեալ: Անոնք միջազգային կառոյցներուն սթափութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ ուղղած են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+