01 Mart 2016
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը զինադուլը տապալող հարուած մը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ վարմունքը Սուրիոյ մէջ զինադուլի սեղանին տակ զետեղուած եւ ժամացոյցի կցուած ռումբի համազօր է»:
«Թրքական իշխանութիւնները սուրիական շրջանները հարուածելու գաղափարէն չհրաժարեցան», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Սուրիոյ սահմանամերձ երկիրներուն կողմէ զինուորական պատրաստութիւնները չեն կրնար չմտահոգել Ռուսիոյ իշխանութիւնները»:
Ռիապքով յայտնեց, որ Մոսկուա կը յուսայ, որ միջսուրիական բանակցութիւններու մասնակիցները դաշնակցային հանրապետութեան ստեղծման գաղափարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
Մինչ այդ, ՕԹԱՆ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ներկայութեան նկատմամբ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի գործադրման շուրջ համաձայնութիւնները:
«Զրուցակիցները գնահատականներ փոխանակած են սուրիական հողին վրայ մարտական գործողութիւններու դադրեցման շուրջ համաձայնութիւններու գործադրման վերաբերեալ` հաւաստելով մեր երկիրներու` իբրեւ Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի համանախագահներու միջեւ զինուորական գծով սերտ համակարգման կարեւոր նշանակութիւնը», նշած է նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Նախարարները նշած են տեղեկատուական տարածութիւն զինադադարը չպահպանելու վերաբերեալ սադրիչ հաղորդագրութիւններ նետելու անթոյլատրելիութիւնը»:
Կողմերը նաեւ «շարունակած են Հիւսիսային Քորէայի վրայ ազդելու միջոցառումներու ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախկին որոշումներու խախտումին» քննարկումը: