01 Mart 2016
Արմէնփրես` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերու շարքին Ռուսիան ընդգրկուած չէ:
Բացի Ռուսիայէն, բարեկամական խումբեր չեն ստեղծուած նաեւ Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ: Թրքական խորհրդարանին մէջ ստեղծուած բարեկամական խումբերու երկիրներուն մէջ կայ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը: