Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

01 Mart 2016  

Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն -

Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն Խմբագրական. Երեք Փաստաթուղթեր. Բովանդակային Հետեւողականութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին, բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները ցոյց տուող նախագահի ելոյթին եւ ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութեան համաձայնագիրին բովանդակութեանց մէջ կան բազմաթիւ արժեհամակարգային նմանութիւններ: Բովանդակային նմանութիւնները, իրար լրացնող գաղափարները եւ մանաւանդ համահայկական տարողութեամբ որդեգրուած վարքագծի մը հանդէպ հետեւողականութիւն ցոյց տալու մօտեցումը կարմիր թելի նման կ՛երկարի այս երեք փաստաթուղթերուն մէջ:

Եւ հաւանաբար սխալ չ՛ըլլար, եթէ համագործակցութեան համաձայնութիւնը ընդհանուր այս պարունակին մէջ տեղադրելով փորձենք քննարկել հիմնադրոյթները, որոնք թէ՛ գաղափարախօսական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով առաջադրանքներու փոխկապակցուածութիւնը կը շեշտեն:

Այժմ կեդրոնանանք համահայկական առումով ամէնէն սուր հնչեղութիւն ունեցող խնդիրին վրայ:

Համահայկական հռչակագիրը յղում ընելով Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին կը վերահաստատէր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար: Այդ օրերուն հարց կը յառաջանար, որ նման հաստատում կատարող եւ պետութեան ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթը չէ՞ր հակասեր պետութեան ստորագրութիւնը տակաւին կրող մէկ այլ փաստաթուղթի` Երեւան Անգարա արձանագրութիւններուն:

Նախագահի վերջին ելոյթը եկաւ ընդգծելու, որ այս առումով կար յստակ քաղաքական պատկերացում: Այսպէս. «Որեւէ յառաջընթացի հնարաւորութիւն այս պահին չեմ տեսնում Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների հարցում:

«Մենք այս պայմաններում ապրում ենք արդէն 25 տարի: Այս պայմաններին մենք արդէն ընտելացել ենք եւ յարմարուել: Մեր առաջընթացի հնարաւորութիւնները մենք այս խնդիրների լուծման հետ չենք կապում եւ չենք կապելու:

«Մենք պէտք է համակերպուենք այն մտքին, որ Մարտակերտից եւ Մարտունուց դէպի արեւելք եւ Գիւմրուց ու Արմաւիրից արեւմուտք մենք որեւէ իսկական գործընկեր չունենք: Մինչեւ հիմա ապրել ենք առանց նրանց` ապահովելով զարգացման աւելի կամ պակաս կշռոյթ: Համարենք, որ այնտեղ անյատակ ու անանցանելի ճահիճ է»:

Այս բառերով կը բնորոշէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութեան զարգացման անհաւանականութիւնը: Այս կը նշանակէր բնականաբար, որ խորհրդարանի ընթացիկ եւ ապա ընդհանրապէս յետ քաշումը արձանագրութիւններու վաւերացման օրակարգին, ստորագրութիւններու չեղեալ յայտարարման ընթացակարգի ամբողջանալիք հանգրուաններն են: Հետեւողականութիւնը կը շարունակուէր պահպանուիլ:

Հռչակագիրն ու սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները միայն այս հարցով չէ, որ կ՛աղերսուին անշուշտ: Այս մէկը ցուցիչ օրինակ է պարզապէս: Վարքագիծ մը ակներեւ է երեք փաստաթուղթերուն մէջ էական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, համակարգային փոփոխութիւնը իրականացնելու եւ մանաւանդ համայն հայութեան հայրենիքը բոլորին մասնակցութեամբ զարգացման ճանապարհին վրայ տեսնելու:

Շրջադարձ կատարուած է մեր երկրին մէջ. այդ շրջադարձը յանկարծակի չէ, քանի որ անիկա նախանշուած էր նախ Հռչակագիրով, ապա նոր սահմանադրութեամբ, ապա սահմանադրութեան կենսագործման համար նախագահի ելոյթով եւ այժմ ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութեան համաձայնութեամբ:

Այդ շրջադարձը առայժմ գուցէ աւելի շատ արտայայտուած է խօսքի եւ փաստաթուղթի ձեւով, սակայն ծանրակշիռ ու հետեւողական ըսելիքը, որ մարտավարական ու նոյնիսկ ռազմավարական փոփոխութիւններ կը նախանշէ եւ ինքնին արդէն գործողութիւն կը պարունակէ եւ կը յուսադրէ քայլերու անկասելիութեան հարցին մէջ:

Ուղղուածութիւններու տարբեր հարթութիւններ կան այս փաստաթուղթերուն մէջ: Եթէ առաջինը աւելի համահայկական շեշտուած բովանդակութիւն ունի, ապա նախագահինը ներհայաստանեան եւ համապետական ըլլալով հանդերձ կ՛ընդգծէ նաեւ համահայկական կարեւոր եզրեր: Մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով նախագահը «մեզ» հասկացողութիւնը կը պարզաբանէր Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ աշխարհասփիւռ հայութիւն. այլ խօսքով` հայկական աշխարհ:

Այս մենքն է համահայկական հասարակութիւնը: Թէ՛ Հռչակագիրը, թէ՛ նախագահի ելոյթը եւ թէ՛ համագործակցութիւնը կը բովանդակեն լրջագոյն նախադրեալներ մեր երկիրը դարձնելու ՄԵՆՔ-ի առաջադրած երկիրը, պետութիւնն ու հասարակարգը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+