Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

01 Mart 2016  

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար -

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Կիրարկելի Է Նաեւ Անգարայի Համար

Ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը` Սուրիոյ տարածքին զինադուլ յայտարարելու, հարցականներ ստեղծած է հասկնալիօրէն կիրարկելիութեան իրատեսութեան շուրջ: Մանաւանդ, որ զինադուլի համաձայնութիւնը չի ներառեր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ ընդհանրապէս կը վերաբերի կառավարական եւ հակակառավարական ուժերուն` պատերազմի սկզբնաւորութեան գոյացած դասական հասկացողութեամբ:

Ռուս-ամերիկեան վերահսկելիութիւնը երկկողմանիօրէն այս տեսքով կը ներկայանայ շատ պարզեցուած կարգով. կառավարական ուժերը կ՛ենթարկուին ռուսական ցուցմունքին, հակակառավարականները` ամերիկեան: Անշուշտ շատ բարդ է այսօրուան խճանկարը եւ այնպէս չէ, որ երկու բեւեռներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը ուղղակիօրէն կիրարկումի դաշտ տեղափոխուի:

Սկզբնական շրջանին Արեւմուտքի կողմէ ներշնչուած, շահարկուած եւ գործիքաւորուած ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչութիւնը դուրս եկաւ վերահսկողութենէ եւ սկսաւ գործել ինքնուրոյն` յաճախ հատելով Արեւմուտքի կողմէ գծուած սահմանագիծերը:

Ռուսական ռազմանաւերը մինչ օդուժի աշխուժ ներգրաւումը առաւելաբար կը վերահսկէին ծովափ-Դամասկոս տարածագիծը: Ռուսական ծովուժին առընթեր նաեւ օդուժին աշխուժ ներգրաւումը առաջին օրէն նախանշեց ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Այլ խօսքով` ռուսական օդուժի հարուածները ստացած էին ամերիկեան կանաչ լոյսը:

Հակառակ ռուսական օդուժի հասցուցած հատու հարուածներուն, որոշ ժամանակ գետնի վրայ ուժերու յարաբերակցութիւնը հիմնական փոփոխութիւն չարձանագրեց, միջազգային մամուլը տակաւին ամիս մը առաջ կ՛ընդգծէր, որ «կողմերը այնքան հզօր չեն յաղթելու, եւ այնքան տկար չեն պարտուելու» բանաձեւը: Խօսքը շեշտակիօրէն կը վերաբերէր գետնի վրայ ռազմական առումով գոյավիճակի պահպանման իրողութեան:

Զինուորական իրադարձութիւններու ընթացքը վերջին ամսուան ընթացքին սկսաւ տեղաշարժ ապահովել: Արդէն պարզ էր, որ կառավարական ուժերը ռազմավարական յենակէտերու սկսած էին տիրապետել: Զուգահեռ զարգացաւ քրտական գործօնի աշխուժացումը, որուն դիմաց նաեւ Անգարան, որ քանի մը առիթով բեմադրած էր ներխուժում-նահանջ յանկարծակի գործողութիւններ, առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծեց սուրիական տարածքներ` իմա՛ քրտական յենակէտեր:

Իրանական երեւոյթը, չի դադրիր իր ներգործօն մասնակցութիւնը բերելէ ռուս-կառավարական-քրտական ըստ էութեան համակարգուող ճակատին: Եւ եթէ մտաբերենք, որ Արեւմուտքի հետ իր յարաբերութիւնները բնականացնող Թեհրանը եթէ կը շարունակէ կիրարկել իր ռազմաքաղաքական այս վարքագիծը նոյն թափով, ապա կը վերադառնանք զինադուլի տեսքով ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան էութեան:

Այս ճակատին մաս չի կազմեր Անգարան: Ոչ միայն մաս չի կազմեր, այլ նաեւ անհանգիստ վիճակի մէջ ժընեւեան բանակցութիւններ խափանելով, Միւնիխի զինադուլ խախտելով, ահաբեկչական հասկացողութիւնը անվերջ միայն քրտական երեւոյթին վրայ կեդրոնացման փորձ կատարելով կը գիտակցի, որ իր կողմէ ֆինանսաւորուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն առաքելութեան աւարտին մասին նախադրեալներ կ՛առարկայանան. իրեն համար մղձաւանջի վերածուած քրտական ջոկատներու դէմ միջազգային համաձայնութիւն չի տրուիր անվտանգութեան գօտի ստեղծելու. եւ տակաւին, իր կողմէ ահաբեկիչ նկատուածներ նոյն որակումը չեն ստանար ռազմավարական գործընկերներու կողմէ: Անգարա – Ռիատ ճակատը դժուար թէ նկատելի համալրումներ ունենայ. նոյնիսկ Պաքուն այս օրերուն կը մեկնի Թեհրան եւ կը խուսանաւէ նման առաջարկի ընթացք տալու ուղղութենէ խոյս տալով:

Ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կիրարկելի է նաեւ Անգարային համար: Արգիլուած է հրթիռակոծել քրտական յենակէտեր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+