Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

24 Şubat 2016  

Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը -

Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը Ուաշինկթըն Դարձեալ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Սուրիոյ Մէջ Քիւրտերու Ռմբակոծումը

Արմէնփրես կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Թուրքիոյ դարձեալ կոչ ուղղած է Սուրիոյ քիւրտերու դիրքերուն ռմբակոծումները դադրեցնելու:

Թոնըր ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Մենք յստակ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ դադրեցնելու Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ ռմբակոծումները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 27 փետրուարին զինադադար սկսելու որոշումով կը պահանջուի՞ նաեւ դադրեցնել Սուրիոյ մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դիրքերուն դէմ Թուրքիոյ հրետանիի ռմբակոծումները, Թոնըր ըսած է, որ իրենք որեւէ կապ չեն տեսներ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ:

«Մենք Թուրքիայէն պահանջած ենք դադրեցնել սահմանէն միւս կողմ հրետանիի ռմբակոծումները: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն ալ պահանջած ենք վերջ դնել Հալէպի շրջակայ տարածքներուն մէջ լարուածութիւնը մեծցնող գործողութիւններուն: Անոնք կը խանգարեն շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման», ըսած է Թոնըր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+