Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից - Հայերէն
28 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Սիմ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

24 Şubat 2016  

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից -

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտի Մէջ` 20 Աջակից

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուած թիւ 154 «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» բանաձեւը, որ ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Ռոպըրթ Տոլտ, Տէյվիտ Վլատաու եւ Ֆրենք Փալոն, այս պահուս ունի 60 աջակից:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսած է 24 ապրիլ 1915-ին` օսմանեան Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն կողմէ հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութեամբ, ինչին յաջորդած են տղամարդոց, կիներու ու երեխաներու զանգուածային ջարդերն ու աքսորը` դէպքեր, որոնք կրկնուած են Ողջակիզումի ժամանակ, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի մէջ եւ մնացած այլ ցեղասպանութիւններուն ընթացքին:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հայ-թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքով: Բանաձեւին նպատակն է նաեւ ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ:

Հայ դատի յանձնախումբը յորդորած է Ներկայացուցիչներու տան բանբեր Փոլ Ռայանին օրակարգ բերել բանաձեւը: Յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսին` բանաձեւին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին միւս բանաձեւը` թիւ 140-ը, որ ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ, այս պահուս ունի 20 աջակից: Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտես, Մարք Քըրք, Պարպարա Պոքսըր եւ Քորի Կարտնըր: Թիւ 140 բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս կը մնայ անպատիժ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+