24 Şubat 2016
23 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի շրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպոն ստորագրած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 55 միլիոն ամերիկեան տոլար գումարի չափով վարկ` 25 տարի մարման ժամկէտով, որմէ 14,5-ը` արտօնեալ:
Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան հետ ստորագրուած «Տեղական տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրի» վարկային համաձայնագիրով կը նախատեսուի բարելաւել Հայաստանի ենթակառուցուածքային ծառայութիւններն ու հաստատութենական կարողութիւնները: