23 Şubat 2016
ՌԴ Նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած է Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ հրադադարի հաստատման:
Փութինի յայտարարութիւնը, ըստ Hayernaysor.am-ի, ցուցադրուած է «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքի եթերով։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Հենց նոր հեռախօսազրոյց տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Խօսակցութիւնը նախաձեռնած էր ռուսական կողմը, բայց շահագրգռութիւնը, անտարակոյս, երկուստեք էր: Զրոյցի ընթացքին մենք հաւանութիւն տուինք Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու դադարեցման վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի համատեղ յայտարարութեան»:
Անոր խօսքով` ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը «Իրական քայլ է արիւնահեղութեան դադարեցման համար»: Ատոր հետ մէկտեղ պետութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ կրակի դադրեցման կարքը չի տարածուիր Ռուսաստանի մէջ արգիլուած «Իսլամական պետութիւն» եւ «Ճէպհաթ ան Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վրայ: «Ատոնց այսուհետեւ հարուածներ կը հասցուին»,- Փութինի խօսքը մէջբերած է ՏԱՍՍ գործակալութիւնը:
Ռուսաստանի ղեկավարը ճշդած է, որ Սուրիոյ մէջ կռուող բոլոր կողմերը պէտք է զինադադարին իրենց համաձայնութիւնը հաստատեն մինչեւ Փետրուար 26 ժամը 12:00-ն: Ընդդիմութիւնը, նշած է ան, պէտք է պարտադիր կարգով դադրեցնէ մարտական գործողութիւնները:
Փետրուար 22-ին աւելի վաղ հրապարակուած էր Սուրիոյ մէջ հրադադարի վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ըստ որուն` հրադադարը ուժի մէջ կը մտնէ Փետրուար 27-ին` Դամասկոսի ժամանակով ժամը 00:00-էն: