23 Şubat 2016
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուած HRES 154 «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» բանաձեւը, որ ներկայացուցած են քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Ռապըրթ Ջ. Տոլտը, Տէյվիտ Վալատաուն եւ Ֆրենք Փալոնէն, այս պահուն ունի 60 աջակից: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915-ի Ապրիլ 24-ին` Օսմանեան Թուրքիոյ պաշտօնեաներու կողմէ հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութեամբ, որուն հետեւած են տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու զանգուածային ջարդերն ու աքսորը` դէպքեր, որոնք կրկնուած են Հոլոքոսթի ժամանակ, Քամպոջայի, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ մնացած այլ ցեղասպանութիւններու ընթացքին:
Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միցաեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հայ-թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքի վրայ: Բանաձեւին նպատակն է նաեւ ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ:
Հայ դատի յանձնախումբը յորդորած է Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Փոլ Ռայեանին օրակարգ բերել բանաձեւը: Յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսին` բանաձեւին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Ցեղասպանութեան մասին միւս բանաձեւը` SRES 140-ը, որ ներկայացուած է ԱՄՆ Ծերակոյտ, այս պահուն ունի 20 աջակից: Բանաձեւը ներկայացուցած են ԱՄՆ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսը, Մարք Քիրքը, Պարպարա Պոքսըրը եւ Քորի Կարտնըրը: SRES 140 բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչ օրս կը մնայ անպատիժ: