Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտին Մէջ` 20 Աջակից - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

23 Şubat 2016  

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտին Մէջ` 20 Աջակից -

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտին Մէջ` 20 Աջակից Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Ունի 60, Իսկ Ծերակոյտին Մէջ` 20 Աջակից

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ներկայացուած H­RES 154 «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» բանաձեւը, որ ներկայացուցած են քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Ռապըրթ Ջ. Տոլտը, Տէյվիտ Վալատաուն եւ Ֆրենք Փալոնէն, այս պահուն ունի 60 աջակից: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915-ի Ապրիլ 24-­ին` Օսմանեան Թուրքիոյ պաշտօնեաներու կողմէ հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հոգեւորականներու ձերբակալութեամբ, որուն հետեւած են տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու զանգուածային ջարդերն ու աքսորը` դէպքեր, որոնք կրկնուած են Հոլոքոսթի ժամանակ, Քամպոջայի, Ռուանտայի, Հարաւային Սուտանի եւ մնացած այլ ցեղասպանութիւններու ընթացքին:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միցաեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային հայ-­թրքական յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման հիմքի վրայ: Բանաձեւին նպատակն է նաեւ ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ:

Հայ դատի յանձնախումբը յորդորած է Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Փոլ Ռայեանին օրակարգ բերել բանաձեւը: Յանձնախումբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսին` բանաձեւին ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ցեղասպանութեան մասին միւս բանաձեւը` S­RES 140-­ը, որ ներկայացուած է ԱՄՆ Ծերակոյտ, այս պահուն ունի 20 աջակից: Բանաձեւը ներկայացուցած են ԱՄՆ ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսը, Մարք Քիրքը, Պարպարա Պոքսըրը եւ Քորի Կարտնըրը: S­RES 140 բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչ օրս կը մնայ անպատիժ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+