23 Şubat 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան խորհրդարանի իր այցեքարտերը տպած է երկու լեզուով` հայերէն եւ թրքերէն:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փայլան այս մասին յայտնած է դիմատետրեան իր էջին վրայ` շնորհաւորելով բոլորը մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առիթով:
Այսպիսով, Փայլան դարձած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին առաջին երեսփոխանը, որուն այցեքարտը Թուրքիոյ խորհրդարանի տպարանը տպագրած է հայերէն: