Թուրքիոյ Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

23 Şubat 2016  

Թուրքիոյ Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին -

Թուրքիոյ Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է   Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին Թուրքիոյ Սահմաններու Պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան Կարեւորագոյն Խնդիրներէն Է Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տը Մեզիեր «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին սահմաններու պաշտպանութիւնը Եւրոպական Միութեան համար գաղթականներու ճգնաժամը լուծելու կարեւորագոյն նախապայմաններէն է:

«Բոլոր երկիրները համակարծիք են, որ Թուրքիոյ սահմաններու պաշտպանութիւնը առաջնահերթ բնոյթի խնդիր է Եւրոպական Միութեան համար», ըսած է նախարարը` աւելցնելով, որ թրքական սահմաններու պաշտպանութեան հարցին մէջ ներգրաւուած են Եւրոպական Միութեան «Ֆրոնթեքս» սահմանային գործակալութիւնն ու ՕԹԱՆ-ը:

Սակայն Vz.ru կը նշէ, որ Գերմանիոյ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը Թուրքիան չ՛ընկալեր իբրեւ յուսալի գործընկեր գաղթականներու խնդիրի լուծման հարցին մէջ:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ յունուարին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ըսած էր, որ գաղթականներու խնդիրի` յառաջիկայ 2 ամսուան ընթացքին չլուծուելուն պարագային` Շենկենեան գօտին տապալելու վտանգ կը դիմագրաւէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+