18 Şubat 2016
Փետրուար 17-ը հայ գիրերու գիւտի հեղինակ, հայերու առաջին ուսուցիչ, լուսաւորիչ եւ քրիստոնէութեան քարոզիչ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան օրն է: Այդ օրը, Ախալքալաքի մէջ առիթ դարձած է յիշելու եւ մեծարելու այս մեծանուն հայը:
Akhaltskha.net-ի տեղեկութիւններով՝ ԱԵԿ-ին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը առաջին անգամ ըլլալով կ՝իրականանար կրթամշակութային կեդրոնին մէջ, սակայն ոչ վերջինը, քանի որ անիկա այսուհետեւ պիտի ստանայ պարբերական բնոյթ, եւ այս օրը պիտի նշուի ամէն տարի:
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի սաներն ու ուսուցիչները ծաղիկներով այցելած են Ախալքալքի կեդրոնը տեղադրուած Մ. Մաշտոցի արձան: Այնտեղ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան՝ ԱԵԿ-ի պատմութեան ուսուցիչ Վաչագան Ռստակեանի հետ՝ ներկայ սաներուն համար ներկայացուցած է Մաշտոցի կեանքն ու անոր մեծ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որուն անդրադարձած են մեր հայ գրողները. Պ. Սեւակ «Եւ այր մի Մաշտոց» երկը, Սիամանթօ «Սուրբ Մեսրոպ» պոէմը եւ Յ. Շիրազ «Հայոց հրաշք» պոէմը:
Ձեռնարկի աւարտին՝ կեդրոնի աւագ սաները արտասանած են բանաստեղծութիւններ` նուիրուած Մեծ Հայուն: