18 Şubat 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նահանգներու տեղական պատասխանատուներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Սուրիական տագնապը Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութենէն ետք խորացաւ»: «Անիրաւող վարչակարգերուն դիմակը ինկաւ եւ աշխարհը գիտցաւ այն, ինչ կը կատարենք կրօնի եւ մարդկութեան մէջ մեր եղբայրներուն համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիա մարդկայնականութեան դասեր կու տայ, եւ աշխարհին մարդասիրական աշխատանքի բնորդ կու տայ»:
«Ռուսիան Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիր կը գործէ եւ մեղսակից կը դառնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին` սուրիացի ժողովուրդին դէմ ոճիրներուն», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան` Էրտողան ըսաւ. «Ամերիկան տակաւին կը դժուարանայ կուսակցութիւնը նկատել ահաբեկչական, հակառակ այդ հարցին յստակութեան»: «Ամերիկան հրապարակաւ բան մը կը յայտարարէ եւ փակ դռներու ետին այլ բան կ՛ըսէ», աւելցուց ան:
«Մենք Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնն ու օրինականութիւնը կը պաշտպանենք եւ պիտի շարունակենք մնալ սուրիացի ժողովուրդին կողքին: Մենք ահաբեկիչներուն միջեւ խտրութիւն չենք դներ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն ահաբեկիչները կը բնորոշէ «լաւ ահաբեկիչ» եւ «վատ ահաբեկիչ» պիտակներով:
«Միացեալ Նահանգներ կը խօսին ապահովական գօտիի մը մասին, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտի չէ: Այդպիսով, անոնք սուրիական վարչակարգին կ՛արտօնեն օդային հարուածներ հասցնել եւ սպաննել քաղաքայինները», ըսաւ ան:
Էրտողան շեշտեց, որ «եթէ Թուրքիան ռմբակոծումի ենթարկուի, ապա այդ ռմբակոծումին քառապատիկով պիտի հակադարձէ»` նշելով, որ թրքական հրետանիին կողմէ կատարուած ռմբակոծումը «բախումի կանոններու եւ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ է»:
«Ամերիկան կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն աջակցիլ` մատակարարելով ամերիկեան զէնքեր, որոնք վերջաւորութեան Թուրքիոյ մէջ ահաբեկիչներուն ձեռքը կ՛անցնին: Կուրութիւնն է միայն, որ Ամերիկային չ՛արտօներ Սուրիոյ մէջ իսկական ահաբեկիչները տեսնել», նշեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն պէտք է Թուրքիոյ եւ քրտական ահաբեկչական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ ընտրանք կատարէ»:
«Այն ինչ որ Ռուսիան այսօր Սուրիոյ մէջ կը կատարէ, բռնագրաւումի յստակ փորձ մըն է եւ ոչ թէ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքար», ըսաւ Էրտողան:
Նշենք, որ Էրտողան երէկ իր նախապէս նախատեսուած աշխատանքները չեղեալ յայտարարելով երեկոյեան ժամը 6:00-ին Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հրաւիրեց Սուրիոյ զարգացումներուն հարցով ժողովի մը: Մինչ այդ, թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Սուրիոյ հետ սահման:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան յայտարարեց, որ Անգարա կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ 10 քմ խորութեամբ ապահովական գօտի մը, որ կը ներառէ Ազեզ քաղաքը: Այդ յայտարարութենէն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ առանց սուրիական կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի արտօնութեան ապահովական գօտիի մը հաստատումը բացառուած է»: