Էրտողան Սալման Թագաւորին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Ներկայ Կացութիւնը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

18 Şubat 2016  

Էրտողան Սալման Թագաւորին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Ներկայ Կացութիւնը -

Էրտողան Սալման Թագաւորին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Ներկայ Կացութիւնը Էրտողան Սալման Թագաւորին Հետ Քննարկած Է Սուրիոյ Ներկայ Կացութիւնը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ քննարկած է Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահութեան գրասենեակէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ երկու ղեկավարները մտահոգութիւն յայտնած են Հալէպի հիւսիսային շրջանին մէջ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ բանակին շղթայազերծած յարձակումներուն նկատմամբ: Անոնք շեշտած են, որ սուրիական տագնապը կարելի չէ լուծել, մինչ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը գտնուի իշխանութեան վրայ:

Էրտողան եւ Սալման թագաւորը կոչ ուղղած են դադրեցնելու քաղաքայիններու դէմ յարձակումները եւ վերցնելու պաշարումը, «որովհետեւ այդ յարձակումները շրջանին մէջ մարդասիրական կացութիւնը կը վատթարացնեն»:

Երկու երկիրներու ղեկավարները նաեւ քննարկած են Սուրիոյ քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Ազեզի դէմ յարձակումներուն եւ կուսակցութեան ուժերուն դէմ թրքական բանակին ռմբակոծումներուն հարցը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+