18 Şubat 2016
Երէկ երեկոյեան պայթում մը ցնցեց Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարան: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ պայթումին պատճառով սպաննուած է առնուազն 28 քաղաքացի եւ արձանագրուած են տասնեակ մը վիրաւորներ:
Պայթումը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի այն հատուածին մէջ, ուր տեղակայուած են երկրի զինուած ուժերու կեդրոնակայանը եւ խորհրդարանը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը պաշտօնական աղբիւրներէ յղում կատարելով կը հաղորդէ, թէ պայթումին հաւանական պատճառը ականապատուած մեքենայ է: