Թուրքիա 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

16 Şubat 2016  

Թուրքիա 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը -

Թուրքիա 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը Թուրքիա 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերու Դիրքերը

Տաւութօղլու. «Ազեզի Անկումը Պիտի Չարտօնենք»
Մինչ թրքական հրետանին 3-րդ օրն ըլլալով շարունակեց ռմբակոծել Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու դիրքերը, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Քիեւ միօրեայ այցելութեան ուղեւորութեան ընթացքին յայտարարած է, որ «Ազեզի անկումը պիտի չարտօնենք»` աւելցնելով. «Եթէ անոնք (քիւրտերը, «Ա.») անգամ մը եւս Ազեզի մօտենան, ամէնէն բիրտ հակազդեցութեան պիտի հանդիպին»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմի` քրտական ուժերը սահմանին մօտէն հեռացնելու թրքական պահանջը մերժող յայտարարութեան` Տաւութօղլու ըսած է, որ պէտք չկայ ըսելու, որ «պիտի չնահանջեն», որովհետեւ «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ուժերը հեռացուած են Ազեզի մերձակայքէն»:

«Եթէ չնահանջեն, Մենաղ օդակայանը պիտի դարձնենք անգործածելի: Ատիկա փոխանցած եմ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընին», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը` աւելցնելով. «Թուրքիոյ կեցուածքը յստակ է` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Եփրատ գետէն արեւմուտք եւ Աֆրինէն արեւելք պիտի չանցնի»:

Տաւութօղլու յայտնած է, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորման մը նման կը վարուի:

Նշենք, որ Տաւութօղլու Ուքրանիա իր այցելութիւնը իբրեւ առիթ օգտագործեց հակառուսական յայտարարութիւններ կատարելու համար: Ան ըսաւ, որ Ռուսիան Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը խախտէ` աւելցնելով, որ այս պահուս վտանգուած է նաեւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը «Հայաստանի պատճառով, որուն կ՛աջակցի Ռուսիան»: Ան նաեւ յայտարարեց. «Մենք Խրիմը կը նկատենք Ուքրանիոյ անբաժան մասը»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ շշմած է Թուրքիան եւ քիւրտերը իրերահաւասար նկատող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպիի յայտարարութենէն եւ աւելցուց. «Անգարան ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պատերազմ մղելու համար արտօնութեան կարիք չունի»: Քըրպի ըսած էր. «Անգարա եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կը դիմագրաւեն Ազեզ միջանցքէն արեւելք գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի լուրջ վտանգը»: Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր դադրեցնելու քրտական ուժերուն դէմ ռմբակոծումը, իսկ քրտական ուժերուն կոչ ուղղած էր` «անորոշ կացութիւնը օգտագործելով նոր տարածքներ չգրաւելու»:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ մերժեց Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան կարգ մը երկիրներու ծրագիրները: Ան «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այդպիսի քայլ մը կրնայ իսկական եւ ամբողջական պատերազմ մը հրահրել:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր պատասխանելով Մետվետեւի այդ յայտարարութեան նշեց, որ անիկա չափազանցուած է` աւելցնելով, որ սէուտական մասնայատուկ ուժեր Սուրիա ուղարկելու ժամկէտը կը ճշդէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Անգարայի եւ Ռիատի կողմէ Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան մը կարելիութեան մասին յայտարարութիւնները նկատեց քարոզչութիւն: Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ Մասուտ Ժազահիրի իր կարգին յայտնեց, որ Իրան պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ մէջ հարցերը ընթանան «չար պետութիւններու» կամքին համեմատ, եւ այդ պարագային անհրաժեշտ միջոցառումները պիտի որդեգրէ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երէկ հերքեց այն լուրերը, թէ 100 թուրք զինուորներ մուտք գործած են Սուրիա` աւելցնելով, որ թրքական բանակը Սուրիա ներխուժելու մտադրութիւն չունի: Ան նաեւ յայտարարեց, որ սէուտական պատերազմական օդանաւեր 24 ժամուան ընթացքին պիտի հասնին Ինճիրլիքի օդուժի ռազմակայան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան մարմինի նախկին ղեկավար Նիքոլայ Քովալիով երէկ յայտնեց, որ բացառուած չէ, որ ռուսական օդանաւերը ռմբակոծեն թրքական եւ սէուտական ուժերը, եթէ մուտք գործեն Սուրիա:

Աւելի ուշ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղած է Սուրիոյ հարցով որեւէ մագլցումէ զգուշանալու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+