16 Şubat 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է կատարէ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան թուլացման շուրջ Միւնիխի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դիրքերու ռմբակոծման եւ Սուրիոյ տարածք խումբ մը թուրք զինուորներու ներխուժման մասին տեղեկութեանց վերաբերեալ հարցումին` Մոկերինի յայտնած է. «Քանի մը օր առաջ մենք բոլորս, ներառեալ` Թուրքիան, կը քննարկէինք Սուրիոյ մէջ զինադադարի եւ լարուածութեան թուլացման հարցերը: Բոլոր ուժերը, ներառեալ` Թուրքիան, պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ»: