16 Şubat 2016
Ակօս շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներու եւ կրակոցներու պատճառով վնասուած եկեղեցիներու շարքին է հայ կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին:
«Այս տարածքներուն մէջ, ուր բախումներ տեղի կ՛ունենան, եկեղեցիներ կան: Արդէն շուրջ երկու ամիսէ ի վեր այդտեղ ոչ ոք կրնայ մուտք գործել: Հայկական Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը այսօր նահանգապետին հետ հանդիպում պիտի ունենայ», նշած է Տանձիկեան:
Թրքական «Այ.Էմ.Սի.» լրատուամիջոցը հրապարակած էր տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւէր, որ Սուրի եկեղեցիներէն մէկը շատ վնասուած է: Մասնաւորաբար, վնասուած են եկեղեցւոյ պատերն ու պատուհանները: Տանձիկեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ տեսանիւթին մէջ երեւցող եկեղեցին հայ կաթողիկէ Ս. Սարգիս եկեղեցին է եւ ոչ թէ Ս. Կիրակոսը: