15 Şubat 2016
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա յայտարարած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանակից թրքական Շըռնաք շրջանի Ճիզրէ քաղաքին մէջ շղթայազերծուած «հակաահաբեկչական» գործողութիւնը աւարտած է: Ըստ անոր, գործողութիւնը յաջողութիւն արձանագրած է:
14 դեկտեմբերին այդ շրջանին մէջ կրակմարի դրութիւն սահմանուած էր:
Փետրուարի սկիզբը յայտնի դարձած էր, որ երկրի հարաւ-արեւելքին մէջ թրքական անվտանգութեան ուժերու քանի մը յատուկ գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) 25 անդամ: