15 Şubat 2016
ՌԻԱ Նովոսթի կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին դրական գնահատած են 11-12 փետրուարին տեղի ունեցած Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի նիստին արդիւնքները:
«Երկու կողմերն ալ դրական գնահատած են 11-12 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի նիստի արդիւնքները, որոնք հաստատած են ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի 2254 կէտով սահմանուած դրոյթները, ինչպէս` մարդասիրական օգնութեան տրամադրման, զինադուլի մեքանիզմներու մշակման, ինչպէս նաեւ իրական քաղաքական հոլովոյթի վերսկսման հարցերու շուրջ», ըսուած է հանդիպումին վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ Օպամա Փութինին կոչ ուղղած է կասեցնելու Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան դէմ ռուսական օդային հարուածները:
Սպիտակ տունը նշեց, որ Օպամա Փութինին նաեւ յայտնած է, որ անհրաժեշտ է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել Սուրիոյ մէջ պաշարուած շրջաններուն: