15 Şubat 2016
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ինք հաւանական կը նկատէ այն տարբերակը, որ Սուրիոյ նախագահը իր պաշտօնը լքէ «բռնի ուժով»:
Ան նշեց, որ Ասատ «անկասկած, ամէն պարագայի պիտի լքէ պաշտօնը` կա՛մ հրաժարական պիտի տայ, կա՛մ ալ այդ մէկը պիտի կատարուի ուժի օգտագործումով»:
«Մենք կողմ ենք սուրիական տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման, սակայն եթէ իրավիճակը փակուղի մտնէ, ապա ատիկա տեղի պիտի ունենայ միայն անհնազանդ Ասատի վարչակարգին եւ անոր դաշնակիցներուն մեղքով: Այդ պարագային այլ տարբերակ չի մնար, քան խնդիրի` ուժի միջամտութեամբ լուծումը», յայտնեց Ժուպէյր:
Ըստ անոր, Ռիատ պատրաստ է Սուրիա ուղարկելու ցամաքային զօրքեր, սակայն միայն Միացեալ Նահանգներու կողմէ ղեկավարուող դաշինքի կազմին մէջ: Նախօրեակին Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանի տարածք հասած են սէուտական պատերազմական օդանաւերը` մասնակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուող պայքարին:
Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Սէուտական Արաբիան արդէն Ինճիրլիք կ՛ուղարկէ իր օդանաւերը, բացի ատկէ, կը սպասուի, որ Ռիատ Թուրքիա ուղարկէ նաեւ իր զինուորները` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի պաշտպանէ Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ զինուորական գործողութիւնը: